20 Հոկտեմբեր Հինգշաբթի օր, Ս. Վարդապետաց տօնը նշուեցաւ աշխատանոցներու գործունէութեամբ։ Առաւօտուն՝ աշակերտներ Ս. Մեսրոպ-Ս.Սահակի եւ թարգմանիչ վարդապետներու մասին տեղեկութիւն ստացան, ապա 8րդ դասարանի աշակերտներու կողմէ ուղղուեցան դասարաններ։ Միջոցառման աւարտին սաներ սրահին մէջ երգեցին, արտասանեցին եւ հրուշակ առնելով ուղղուեցան տուն։