Տիկին Ոսկի Տաղտէլէն Էսաեանի Մէջ...

Վարժարանիս նախկին ուսուցիչ եւ վարչական պատասխանատու Տիկին Ոսկի Տաղտէլէն Նիւ Եորքէն եկաւ քաղաքս որպէսզի ներկայ գտնուի իր նոր հրատարակուած «Երազանքի պահեր կեանքի տարիներէս» անուն գիրքին շնորհանդէսին, որ կայացաւ 13 Նոյեմբեր 2012 Երեքշաբթի  օր Էսաեանի սրահին մէջ: Սրահին մէջ կը տիրէր խանդավառ մթնոլորտ: Այս պանծալի ձեռնարկին ներկայ էին վարժարանի զոյգ տնօրէններ Տիկին Սաթենիկ Նշան եւ Օրիորդ Առլին Եշիլթէփէ, ուսուցիչներ, Սանուց Միութեան ատենապետուհի Տիկին Մարիամ Տրամէրեան, վարժարաններու տնօրէն եւ ներկայացոյցիչներ, Էսաեանի նախկին սաներ եւ Տիկին Ոսկիի պաշտօնակիցներ:

Օրուայ հանդիսավարն էր Տիկին Մարիամ Տրամէրեան, բացման խօսքը արտասանելէ ետք աշակերտները բեմին վրայ տեղ գրաւեցին ու միասնաբար երգեցին Էսաեանի քայլերգը: Էսաեանի տնօրէնուհի Տիկին Սաթենիկ Նշան եւ Կեդրոնականի տնօրէնուհի Տիկին Սիլվա Գույումճեան-Մարկոսեան իրենց մասնակցութիւնը բերին յայտագրին: Բեմին վրայ տեղ գրաւեցին 12 աշակերտներ որոնք կարդացին Տիկին Ոսկիի գիրքէն կտորներ: Ասոնք էին Սինդիա Ուղուր, Քէթրին Պօյաճըօղլու, Սարին Պուտաք, Միրայ Մղտեսեան, իլայտա Տէմիրճի, Թինա Տէմիրճի, Ճէնըֆըր Տատեան, Էռլին Եշիլչիմէն, Գարին Չաքան, Քամի Կէնչպարոնեան, Անոյշ Թահմինճիօղլու, Արթուն Տէմիր:

Իրենց սրտի խօսքերը արտայայտեցին բանաստեղծ եւ կրթական մշակ Տոց. Տօքթ. Վարդ Շիկահեր  ու գրագետ եւ Մարմարայի խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեան: Ամենէն վերջ բարձրախօսը յանձնուէցաւ Օրուան մեծարեալին որ ունեցաւ ելոյթ մը:

uggs australia parajumpers long bear moncler jas dames belstaff kopen timberland heren timberland dames belstaff motorjassen timberland sale parajumper jas sale parajumper jas dames parajumper long bear canada goose victoria parka ugg slippers parajumpers heren jas uggs dames