Թարգմանչաց Տօն
Էսաեանի մէջ...
Սրբոց Թարգմանչաց
Տօնի առթիւ
կազմակերպուած
հանդէսին
գլխաւոր բովանդակութիւնը
կազմուած
էր «Իսթանպուլ»ի
մասին բանաստեղծութիւններէ:
Էսաեան Վարժարանի
եօթներորդ
եւ ութերորդ
դասարաններու
մասնակցութեամբ
ներկայացուած
հանդէսը սկսաւ լրագրող,
լուսանկարիչ
Արա Կիւլէրի
կեանքով եւ արուեստագէտին
լուսանկարներուն
ցուցադրութեամբը:
Ապա աշակերտներ
նուագարաններու
մասնակցութեամբ
արտասանեցին
բանաստեղծութիւններ:
Հանդէսի աւարտէն ետք սաները
մասնակցեցան
աշխատանոցներու
աշխատութիւններուն,
որոնք էին պատմութեան,բանաստեղծութեան,
գծագրութեան
եւ այլ
աշխատութիւններու
մասին: Կէսօրէն ետք հրուշակի
պատրաստութիւնը
կատարուեցաւ
սրահին մէջ եւ
երգչախումբը
երգեց հայերէն երգեր ու
ներկայացուցին
պարեր: