ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆ ԷՍԱԵԱՆԻ ՄԷՋ

14 Հոկտեմբեր Հինգշաբթի, խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ Վարժարանի երդիկին տակ Ս. Թարգմանչաց տօնակատարութեան առթիւ: Նախակրթարանի Ա. դասարանէն սկսեալ աշակերտները աշխատանոցներու մասնակցեցան, ինչպէս մնջախաղի, տարրալուծարանի, պատմութեան, համակարգիչի եւլն.: Օրն ի բուն շարունակուող գործունէութիւններու աւարտին 5րդ եւ 6րդ դասարանները արտասանեցին բանաստեղծութիւններ: 8րդ դասարանի տղաքը արտայայտուեցան օրուան մասին: 7րդ դասարանի սաները երգեր երգեցին: Համաճարակի նախազգուշացման պայմաններու տակ կատարուած աշխատութիւնները լրացան ֆիլմի ցուցադրութեամբ եւ հրուշակի բաշխումով Թարգմանիչ վարդապետներու հոգւոյն: Վարժարանի պատերը զարդարուեցան մնայուն շրջանակներով՝ երեւելի անձերու կենսագրութեան տուեալներով, նպաստաւորելու համար ընդհանուր գիտելիքին զարգացումը աշակերտութեան մօտ:

Թարգմանչաց տօնի առթիւ 9-Բ դասարանէն Քաան Խաչիկօղլուի եւ Ռուբէն Պաղի կողմէ պատրաստուած ձեռագործ որմազդը։