Արա Գօչունեան վարժարանիս մէջ...

 «Մայրենի Լեզուի Համաշխարհային Օր»ուան առթիւ 3 Մարտ 2016 Հինգշաբթի ժամը 14.30-ին պատիւն ունեցանք վարժարանիս սրահին մէջ հիւրընկալելու՝  Ժամանակ Օրաթերթի յարգարժան խմբագիր Պրն. Արա Գօչունեանը:

Ժ. դասարանի աշակերտներէն Էտկար Իկիթեան համառօտ կենսագրականը ծանօթացուց եւ բարձրախօսը յանձնեց մեր յարգելի հիւրին: Ան, արտայայտեց մայրենի լեզուին կարեւորութեան մասին իր արժէքաւոր գաղափարները յետոյ զրոյցը ուղղութիւն առաւ աշակերտներուն հարցումներով որուն ընթացքին աշակերտները զանազան տեսանկիւններէ մօտեցան խմբագրապետին, խմբագրական գործին, թերթի անցեալին եւ այլ համայնքային նիւթերու:

Աւարտին, վարժարանիս յարգարժան տնօրէնուհի Տկ. Սաթենիկ Նշան անգամ մը եւս նշելով մայրենիի կարեւորութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց  եւ յաջողութիւն մաղթեց Պրն. Գօչունեանին:

uggs australia parajumpers long bear moncler jas dames belstaff kopen belstaff motorjassen parajumper jas sale parajumper jas dames parajumper long bear canada goose victoria parka ugg slippers parajumpers heren jas uggs dames