Գ. Բառախաղի Մրցում...

 

Գընալը Կղզիի Կազդուրման Կայանի կողմէ կազմակերպուած «Գ. Բառախաղ»ի մրցումին վարժարանիս լիսէի բաժինը երկու խումբով մասնակցած է: Նայիրի Պիւյիւքսիմքէշեան, Շանթ Շիմշէքչաք, Սեւան Ժան Աչըքպաշէ բաղկացեալ խումբը առաջին իսկ Արիս Տիգրան Նշան, Սեւակ Պիւյիւքսիմքէշեան, Արաս Գարամըզրաքէ բաղկացեալ խումբը երկրորդ հանդիսացած է։ Այս առթիւ կը շնորհաւորենք մասնակից աշակերտները եւ իրենց հայերէնի ուսուցչուհիները։