Բարեկենդանի Խրախճանք

22-23 Փետրուար, յետմիջօրէին Ս. Վարդանանց եւ Բարեկենդանի տօներուն առթիւ հայերէնի եւ գծագրութեան ուսուցիչներուն գործակցութեամբ գործունէութիւններ տեղի ունեցան Վարժարանի սրահին մէջ նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտութեանց համար: Նախ Վարդանանց Պատերազմի առթիւ գիտելիքներ փոխանցուեցան, ապա քահութի միջոցառում մը կատարուեցաւ ու քննուեցան աշակերտներուն գիտելիքները: Գործունէութեան երրորդ մասն էր դիմակներու ստեղծագործութիւնը: Արտառոց հագուստներով ծպտուած տղաքը պարեցին, երգեցին ու զանազան խաղեր խաղացին: Աշխոյժ եւ հաճելի մթնոլորտի մէջ կատարուած գործունէութիւնը խանդավառութիւն պատճառեց աշակերտութեանց: Օրուայ աւարտին յուշանուէրներով լեցուն տոպրակները ստացող տղաքը մեծ գոհունակութեամբ բաժնուեցան դպրոցէն: