Միջինք՝ Էսաեան Վարժարանի մէջ

Էսաեան վարժարանի լիսէի բաժնի ԺԱ.դասարանի աշակերտները վարժարանի զոյգ տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն մասնակցութեամբ համախմբուեցան աւանդական ‘’Միջինք’’ի սեղաններուն շուրջ։ Երեկոյան ժամերուն իրականացած սիրոյ պահգի սեղանը իրենց Հայերէնի ուսուցչուհին Տկ.Հռիփսիմէ Մեյտանի հսկողութեան տակ պատրաստտող աշակերտները ուրախ ժամեր անցուցին։ Անոնք ուրախ էին նաեւ երկարատեւ համաճարակի շրջանէ մը վէրջ միատեղ, այս օրը վարժարանի երդիկին տակ յիշելէ։ Օրուան վերջաւորութիւնը ներկաները մաղթեցին որ Ս.Զատիկը տօնելու առողջութեամբ հասնինք։