ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍԸ...

Վարժարանի շրջանաւարտութեան հանդէսը տեղի ունեցաւ 22 Յունիս Չորեքշաբթի, երեկոյին Վարժարանի պարտէզին մէջ ճաշակով պատրաստուած ընթրիքի սեղաններուն շուրջ: Հանդէսին ներկայ գտնուեցան Հոգեշնորհ Հայր Շնորհք աբեղայ Տոնիքեանը, Ս. Երրորդութեան եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ատենապետ Սիմոն Չէքէմը եւ անդամուհի Պէրրին Տայանը, Ուսուցչաց կազմը եւ ծնողներ: Օրուան վարիչները եղան Հայերէնի ուսուցչուհի Լեռնա Գարագիւթիւքի կողքին ԺԱ. դասարանէն խոստմնալից երկու աշակերտներ՝ Գարին Տէղիրմէնճի եւ Տաւիտ Տաղճը: Էսաեանի սաները համազգեստներով բեմ բարձրացան հրամցնելու համար երգեր, հրաժեշտի խօսքեր: Վարժարանի առաջինը հանդիսացաւ Լարա Գըր, իսկ Սարայլը մրցանակին արժանացաւ Ալէն Նշան: Հանդէսին նշուեցաւ նաեւ այս տարուան յաջողութիւնները: Բերա նահանգին մէջ տեղի ունեցած ճատրակի մրցումներուն Թ. դասարանէն Արէս Պօյաճեան անձնականի կարգին առաջին եղաւ, իսկ ԺԲ. դասարանէն Ալէն Նշան երկրորդ հանդիսացաւ: Դարձեալ Բերայի նահանգին կողմէ կազմակերպուած սեղանի թէնիսի մրցումներուն մանչերու խումբը բերաւ առաջնութեան բաժակը, իսկ աղջիկները՝ երկրորդը: Հանդէսի աւարտին բեմ բարձրացան Վարժարանի տնօրէն Ռուշան Տիւզկիւնը եւ Ուսուցչաց կազմը կտրելու համար կարկանդակը: Այս տարուան հունձքը կը բաղկանայ 36 աշակերտներէ: