ԷՍԱԵԱՆ ՀԱՐԱԶԱՏՆԵՐԸ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՆ

Էսաեան Վարժարանը հիմնած են Յովհաննէս և Մկրտիչ եղբայրները որոնք որդիներն էին Կեսարացի առեւտրական Գէորգ Էսաեանի և անոր կողակցին՝ Աննայի: Իրենք ծնած են Կեսարիոյ մէջ և իրենց ծնողքին հետ հաստատուած են Իսթանպուլ: Էսաեան հարազատները նուիրուեցան իրենց հօր գործին: Այս կերպով անոնք տիրացան մեծ հարստութեան որմէ գիտցան միշտ կարեւոր յատկացումներ ընել ազգօգուտ և մարդասիրական ծառայութիւններու որոնց մէջ կրթականը իրենց նախասիրութիւնը դարձաւ: Երկու եղբայրներն ալ վարած են երեսփոխանական պաշտօններ: Երկուքն ալ, իբր ազգային գործիչ, մասնակից եղած են կարեւոր յանձնախումբերու, ստանձնելով պատասխանատու պաշտօններ: Այս կերպով մօտէն տեղեակ ըլլալով մեր համայնքային կարօտութիւններուն, անձնապէս մասնակից ըլլալով շինարարական կարիքներուն: Յովհաննէս եղած է հոգաբարձու Ս.Փ. Հիւանդանոցին (1878-1886), այն շրջանին՝ երբ փայտաշէն ու հին Ազգին Տունը փոխարինուեցաւ քարաշէն նոր կառուցումներու հետ, այս առթիւ ալ Էսաեան հարազատները ըրին իրենց նիւթական առատաձեռն օժանդակութիւնը: Մկրտիչ Էսաեան անդամակցած է Կեդրոնական Վարժարանի խնամակալութեան (1886-1896) իբրեւ կարող ատենապետ մը որուն գործունէութեան տասնամեայ շրջանը պայմանաւորած է Ղալաթիոյ կրթարանին ամենէն փայլուն տարիները: 1890 թուականին խղճալի վիճակի մատնուած էին Պէյօղլուի առաջին երկսեր նախակրթարանը եղող Նարեկեան Վարժարանը, ինչպէս նաեւ յարակից Ս.Յարութիւն մատուռը որ փլչելու վտանգին ենթակայ էր: Պէյօղլուի Թաղային Խորհուրդը 27 Ապրիլ 1890ին կը դիմէ Յովհաննէս Ազնաւուրեան ու Խաչիկ Սարաֆեան ճարտարապետներու գնահատութեան որոնք կը յայտնեն թէ ազգապատկան նոյն այդ վայրին վրայ նոր կառուցանելի եկեղեցիի մը և վարժարանի մը համար անհրաժեշտ է 4000 ոսկիի մօտ յատկացում մը: Խորապէս գիտակից կարիքի ստիպողութեան, Յովհաննէս և Մկրտիչ Էսաեան հարազատները տուին իրենց կրթանուէր ու ազգօգուտ ծառայութեան անգերազանցելի մէկ օրինակը, իրենց ծախքով հիմէն կառուցանելով Էսաեան Վարժարանի հսկայ շէնքը և շրջափակին մէջ եղող Ս. Յարութիւն եկեղեցին: Շինութիւնները կը սկսին 1893ին: Վարժարանը կ՚աւարտի 1895 Սեպտեմբերին և իրենց խնդրանքով կ՚անուանուի ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ: 125 Ամեայ դարաւոր Էսաեան Վարժարանի և Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ բարեյիշատակ և անմեռ բարերարներ՝ Յովհաննէս և Մկրտիչ Էսաեան հարազատները 29 Յունուար 2021 Ուրբաթ օր Շիշլիի գերեզմանատան մէջ յատուկ հոգեհանգստեան կարգով յիշատակուեցան: Հոգեհանգստեան պաշտօնը կատարուեցաւ Տէր Սարգիս Աւգ. Քհնյ. Գույումճեանի կողմէ: Յովհաննէս Էսաեանի 121րդ և Մկրտիչ Էսաեանի 100րդ տարելիցի ոգեկոչման ներկայ գտնուեցան Պէյօղլուի Ս.Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդի ատենապետ Սիմոն Չէքէմ և թաղային խորհուրդոյ անդամ Պէրրին Տաեան, Վարժարանի նորընտիր տնօրէնուհիներ Անիլտա Մէնէքշէ և Ազնիւ Կիւրկէն, վարժարանի երիտասարդ ուսուցչուհիներ և համայնքի անդամներ: Էսաեանի շրջանաւարտ և Էսաեանի հոգիով լեցուն Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեանն ալ անակնկալ այցելութեամբ մասնակից դարձաւ ոգեկոչման: