«Մայրենի Լեզուի Օր»ը Էսաեան Լիկէոնի մէջ...

 

ԻՒՆԷՍՔՕի որոշումով հռչակուած 21 Փետրուար «Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օր»ը  մեծ ոգեւորութեամբ տօնուեցաւ   Էսաեան վարժարանի երդիքին տակ:

Օրուան հանդիսավարներն էին՝ Լենա Դաւիթեան եւ Արաս Գարամըզրաք։

Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ թատերախաղով մը, որ գրուած էր Տիկին Շուշան Լոքմակէօզեանի  եւ բեմադրուած՝ թատերական ակումբի կողմէ, առաջնորդութեամբ ուսուցչուհի Նարօտ Սէսիլ Գարահիսարիտիսի: Պէտք է նշել, որ այս թատերախաղը,  ըստ ընդհանուրի փափաքին կրկնութիւն մը եղաւ, քանի որ Թարգմանչաց Տօնի առթիւ բեմադրուած ու հանդիսատեսներու ծափողջոյններուն արժանացած էր:

Վարժարանի տարրաբանութեան ուսուցչուհի Սէրլի Էրտինչի մայրենի լեզուի կարեւորութիւնը բացատրող խօսակցութենէն վերջ կենսաբանութեան ուսուցչուհի Թամար Ինթիպա արտասանեց Թորոս Ազատեանի «Երգ Աշխատութեան» բանաստեղծութիւնը:

Յայտագիրը շարունակուեցաւ աշակերտներու կողմէ մայրենի լեզուի ու գրականութեան ուսուցչուհիներ՝ Արմաւենի Միրօղլու եւ Մարալ Էպէօղլու Սաթարի առաջնորդութեամբ պատրաստուած փունջ մը բանաստեղծութեամբ. այսպէս Տանիէլ Ղարիպեանի կիթառի ընկերակցութեամբ՝  Մատլէն Պօյաճը Վահան Թէքէեանէ «Տաղ Հայերէն Լեզուին», Աննա Իվանեան Խաչատուր Աբովեանէ «Լեզուն», Նայիրի Պիւյիւքսիմքէշեան Մուշեղ Իշխանէ «Հայ Լեզուն Տունն Է Հայուն», Անի Աւագեան  Սարգիս Քէչեանէ «Իմ Լեզուս» եւ Էտկար Իկիթեան Նաիրի Զարեանէ «Հայոց Լեզուն» արտասանեցին:

Հանդէսին նպատակն էր՝ հայ աշակերտին յիշեցնել թէ «մայրենին միշտ մեզ հետ է»։ Այդ պատճառաւ հանդէսի  յաջորդ բաժնին մէջ աշակերտները մեծ

Açıklama: C:\Users\hp\Desktop\Beyoğlu Satranç 2\bs18 (20).JPG

Açıklama: C:\Users\hp\Desktop\Beyoğlu Satranç 2\bs18 (21).JPG

Açıklama: C:\Users\hp\Desktop\Beyoğlu Satranç 2\bs18 (22).JPG