Շնորհանդէս՝
Արմաւենի
Միրօղլու Մուհթարեանի
«Պոլսահայերը
(1923-1939)» գիրքին...
Էսաեան Վարժարանի
սան եւ հայերէն
լեզուի ուսուցչուհի,
բազմավաստակ կրթական
մշակ ու պատմաբան
Տքթ. Արմաւենի
Միրօղլուի հեղինակած
«Պոլսահայերը
(1923-1939)» գիրքին շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ
3 Նոյեմբեր 2016 Հինգշաբթի,
Էսաեան Սանուց
միութեան մէջ:
Այս ձեռնարկը,
որ նուիրուեցաւ
միութեան եօթանասունամեակին,
կատարուեցաւ Էսաեան
Վարժարանի Տնօրէնութեան
եւ Սանուց Միութեան
գործակցութեամբ:
Հանդէսին
ներկայ էին Կրօնական
ժողովի Ատենապետ
Գերշ. Տ. Սահակ Եպսկ.
Մաշալեան, Գերպ.
Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ.
Անուշեան, Հոգշ.
Տ. Շնորք Աբեղայ
Տօնիկեան, Հոգշ. Տ. Յարութիւն
Աբեղայ Տամատեան,
Գրիգոր Ա. Քհնյ.
Տամատեան, Կաթողիկէ
համայնքէն Գերյարգելի Հայր Վարդան
Ծ. Վրդ. Գազանճեան
եւ այլ հոգեւորականներ,
Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու
Ազգային Ակադեմիայի
Պատմութեան Կաճառի
տեսուչ՝ Փրօֆ.
Աշոտ Մելքոնեան,
ՍԾՏՀ կազմակերպութեան
մէջ Հայաստանի
մնայուն ներկայացուցիչ
Արսէն Աւագեան,
Շիշլիի փոխքաղաքապետ
Վազգէն Պարըն,
Մամլոյ ներկայացուցիչներ,
հաստատութիւններու
ներկայացուցիչներ
եւ բազմաթիւ հիւրեր:
Օրուայ
յայտագիրը վարեց
Էսաեան Սանուց
Միութեան ատենապետուհի
Տիկին Մարիամ Տրամէրեան:
Վարժարանի սաներէն
Մարկարիթա Սարդարեան
Էտկար Իգիտեանի
կիթառի ընկերակցութեամբ
արտասանեց Պարոյր
Սեւակի երկարաշունչ
«Մայրենի Լեզու»
բանաստեղծութիւնը:
Մարիամ Տրամէրեան
կարդաց՝ նախ Արմաւենի
Միրօղլուի ապա
Աշոտ Մելքոնեանի
կենսագրութիւնը:
Արտայայտուեցաւ
ՀՀ Գիտութիւններու
Ազգային Ակադեմիայի
Պատմութեան Կաճառի
տեսուչ՝ Փրօֆ.
Աշոտ Մելքոնեան:
Էսաեան
Վարժարանի հայերէնի
ուսուցչուհի Մարալ
Սաթար Էպէօղլու
կարդաց Արմաւենի
Միրօղլուի գիրքէն
հատուած մը:
Արտայայտուեցաւ
Գերպ. Տ. Թաթուլ
Ծ. Վրդ. Անուշեան:
Արտայայտուեցաւ
Ժամանակ Օրաթերթի
խմբագրապետ՝ Արա
Գօչունեան:
Անակնկալով
մը Փրօֆ.
Աշոտ Մելքոնեան
Տիկին Արմաւենիին
յանձնեց՝ ՀՀ Սփիւռքի
Նախարարութեան
կողմէ իրեն շնորհուած
«Մայրենիի Դեսպան» վկայականն
ու շքանշանը,
ինչպէս նաեւ ՀՀ Գիտութիւններու
Ազգային Ակադեմիայի
Պատմութեան Կաճառի
շնորհակալագիրը:
Տիկին
Արմաւենի արտասանեց
իր սրտի խօսքը:
Հանդէսի
շարունակութեան
կատարուեցաւ Իսթանպուլահայ
երեք մտաւորականներու
շքանշանի տուուչութիւնը:
Այսպէս՝ ՍԾՏՀ կազմակերպութեան
մէջ Հայաստանի
մնայուն ներկայացուցիչ
Արսէն Աւագեան
յանձնեց Վարդ Շիկահերի,
Արամ Գամպուրեանի
ու Ռոպէր Հատտէճեանի
շքանշանները:
Արտայայտուեցաւ Մարմարա
Օրաթերթի խմբագրապետ՝
Ռոպէր Հատտէճեան:
Արտայայտուեցաւ
Արամ Գամպուրեան:
Սերճան Կազէրօղլու
Յակոբ Մամիկոնեանի
դաշնակի ընկերակցութեամբ
երգեց երեք երգեր:
Հուսկ Բանքը խօսեցաւ
Գերշ. Տ. Սահակ Ս.
Եպսկ. Մաշալեան:
Տեսարաններ՝ Շնորհանդէսէն