Ամանորեայ Հանդէս Էսաեան Վարժարանի մէջ

30 Դեկտեմբեր 2021, յետմիջօրէին Նոր Տարուան առթիւ տօնակատարութիւն կատարուեցաւ Վարժարանի հանդիսասրահին մէջ: Մանկապարտէզի և նախակրթարանի աշակերտները բեմ բարձրացան երգով ու պարով, արտասանեցին հայերէն եւ անգլերէն քառեակներ, բանաստեղծութիւններ: Հանդէսի աւարտին բեմ բարձրացաւ Կաղանդ Պապան տոպրակին մէջ նուէրներով, որոնք խանդավառեցին փոքրիկները: