Պատրիարք Հայրը այցելեց Էսաեան Վարժարան

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Մաշալեան 16 Դեկտեմբեր 2021, Հինգշաբթի միջօրէին այցելեց վարժարանս ընկերակցութեամբ թաղի հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեանի, Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ՝ Սիմոն Չէքէմի եւ գաւազանակիր Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Սրբազան Հայրը դրան մուտքին դիմաւորուեցաւ խումբ մը ուսուցիչի ու աշակերտութեան կողմէ եւ հիւրասիրուեցաւ տնօրէնութեան սենեակին մէջ։ Ապա Պատրիարք Հայրը առաջնորդուեցաւ հանդիսասրահ, ուր մէկտեղուեցաւ աշակերտութեան հետ իրենց ուսուցիչներուն ներկայութեամբ։ Ունեցաւ հաճելի զրոյց աշակերտութեան հետ եւ պատասխանեց անոնց հարցումներուն։